2014-02-10 10:09:00

Պիոս ԺԱ Քահանայապետի մահուան 75-րդ տարեդարձը` Ան եղաւ Լատերանեան դաշինքի Քահանայապետը ` ու Ռատիովատիկանի հիմնադիրը։


10 փետրուար 1939-ին, 75 տարիներ առաջ, իր մահկանացուն կը կնքէր Պիոս 11-րդ քահանայապետը, աշխարհական անունով` Աքիլլէ Ռաուդի։ Ան իր քահանայապետութեան շրջանին ստորագրած է Լատերանեան դաշնագիրը` 11 փետրուար 1929 Ս. Աթոռի ու իտալական Պետութեան միջեւ, եւ հիմնած է Ռատիովատիկանը 12 փետրուար 1931-ին, Ռատիոյի գիւտարար Կուլիելմօ Մարքոնիի ներկայութեամբ ։
Պիոս ԺԱ, ծնած էր Իտալիոյ Մոնծա քաղաքի Տեզիօ շրջանը, 31 մայիս 1857-ին։Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1879-ին ։
Ան նախ ստանձնեց թեմին աստուածաբանութեան դասատուի պաշտօնը ապա դարձաւ կառավարիչը Ամպրոզեան մատենադարանին` մշակութային հաստատութիւն մը որ միշտ զարդն ու արդար պարծանքը եղած է Միլանօ թեմին։ Այդ հաստատութեան մէջ Հայր Աքիլլէ Ռաուդի անցուց 26 տարիներ, սերտելով ու ժողովելով գիրքեր եւ հրապարակելով պատմական, ծիսական եւ կենսագրական հատորներ ։ 1914-ին նշանակուեցաւ Վատիկանի մատենադարանի կառավարիչ։ Առաջին աշխարհամարտի աւարտին, Պենետիկտոս ԺԵ Քահանայապետը, ընդառաջելով Լեհ եպիսկոպոսներու խնդրանքին, Աքիլլէ Ռաուդին կը նշանակէ որպէս առաքելական ներկայացուցիչ` Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն։ Իտալիայ վերադարձին, հակիրճ ժամանակի համար կը ստանձնէ Ամպրոզիան թեմին Հովութիւնը, հուսկ Պենետիկտոս ԺԵ մահէն ետք, 1922-ի 6 փետրուարին, կարտինալ Ռաուդի, կ'ընտրուի Քահանայապետ։
Անոր քահանայապետութեան 17 տարիներուն ընթացքին ան աշխատեցաւ Եկեղեցւոյ իրաւունքը, ազատութիւնը եւ անկախութիւնը ամրացնել։
11 փետրուար 1929-ին ստորագրեց` Եկեղեցւոյ եւ Իտալական պետութեան միջեւ փոխ յարաբերութիւնները յատկանշող Լատերանեան դաշինքը՝որ վերջ դրաւ ''Հռոմէական հարց'' կոչուած կնճռոտ խնդիրին եւ եկեղեցւոյ ու իտալական պետութեան միջեւ, 1870-էն ի վեր տիրող լարուածութեան։
Այդ դաշնագիրը ապահովցուց Հռոմի եկեղեցւոյ բարգաւաճումը Իտալիոյ մէջ, ու անոր միջոցաւ ''Վատիկանը'' դարձաւ ու ճանչցուեցաւ որպէս ''Անակախ Պետութիւն''։
Պիոս ԺԱ, իր մահկանացուն կնքեց 10 փետրուար 1939-ին առաւօտեան ժամը 5,31-ին, 81 տարեկանին ։ Անոր աճիւնները կը հանգչին ս. Պետրոս տաճարի գետնայարկը Պենետիկտոս ԺԵ եւ Պիոս Ժ Քահանայապետներու աճիւններու կից։








All the contents on this site are copyrighted ©.